2014-12-01 09:51:14

Հայր Լոմպարտին` ''Որքան աւելի քոյր եկեղեցիները իրարու կը հանդիպին այնքանով կը մօտենանք միութեան''։


(Ռ.Վ. 1 դեկտեմբեր 2014) Իտալական ANSA մամլոյ գործակալութիւնը կանդրադառնայ Յիսուսեան հայր Լոմպարտիի կատարած մէկ խորհրդածութեան` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Թուրքիա կատարած այցելութեան մասին։
Ամէնուն բացայայտ է որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ս. Պետրոսի առաքելութիւնը կը նկատէ որպէս սպասարկութիւն եւ ոչ որպէս գերիշխանութիւն։ Հետեւաբար բոլորին յստակ պէտք է ըլլայ որ Հռոմի եպիսկոպոսին առաքելութիւնն ու պաշտօնն է ծառայել միութեան, սիրոյ ու եղբայրակցութեան միջոցաւ։ Ուստի ներկայ քահանայապետութեան էական տարրն է միութիւնը։ Այս ուղղութեամբ կը գործեն աստուածաբանական յանձնախումբերը, լուծելու Պետրոսի Աթոռի գլխաւորութեան հարցը - յայտնեց Հայր Լոմպարտին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին Իսթանպուլ կատարած առաքելական այցելութեան մասին, աւելցնելով թէ ''որքան քոյր եկեղեցիները իրարու հետ կը հանդիպին, իրար զիրար կը գնահատեն այնչափով կը մօտենանք միութեան''։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը արդէն չորրորդ անգամն է որ կը հանդիպի Բարթողոմէոս Ա պատրիարքին հետ։ Երկու Հայրապետներու միջեւ կը տիրէ հասկացողութիւնը ու մեծ բաղձանքը միասնաբար ընթանալու։ Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց միասնաբար գործել աղքատներու ու պատերազմի զոհերուն ի խնդիր, որովհետեւ Ան խորապէս համոզուած է որ միջ կրօնական երկխօսութիւնը չի սնանիր լոկ գաղափարներէն, այլ միասնական ապրումէն եւ գործունէութենէն։ Հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտիին համար ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ամենէն տպաւորիչ պահերը եղան. Լռելեան երկրպագութիւնը կապոյտ մզկիթին մէջ եւ Քահանայապետին Պատրիարքէն խնդրանքը զինք օրհնելու։ Ան կ՛ընդունի պատրիարքին օրհնութիւնն ու գլխուն համբոյրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.